Հայաստանի ճատրակի աղջկանց ազգային հաւաքականը այս շաբաթասկիզբին Ծաղկաձորի մէջ սկսաւ իր ուսումնամարզական հաւաքին` պատրաստուելու համար 11 ապրիլին Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան:
Մկրտչեանէն բացի, Հայաստանը պիտի ներկայացնեն նաեւ կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան, միջազգային վարպետ Լիլիթ Գալոյեան, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ վարպետ մը` Մարիա Գէորգեան:
Աղջկանց այս հաւաքը կ՛աւարտի 8 ապրիլին: