Մասնակցութեամբ 35 ակումբներու, որոնք բաժնուած են 8 խմբակի, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսաւ Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը:
Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն յաջորդ հանգրուանին իրենց տոմսերը:
3-րդ խմբակէն իր տոմսը ապահովեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, 4-րդ խմբակէն` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, իսկ 8-րդ խմբակէն` ՀՄԸՄ Ժունիէ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յաջորդաբար յաղթեց Շարիթիէ Զուքի, Ուխուուա Հատասի եւ Լիսէ Նասիոնալ – Շուէյֆաթի, ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Շանվիլի, Մար Էլիաս Տըքուանէի, Սեյիտեթ Նաժահ` «Ճէյ. Օ. Սի.»-ի եւ Հուփս Մեթնի, իսկ ՀՄԸՄ Ժունիէ` Մուսիքա Շուէյրի, Ֆրեր Պէյթ Մերիի, Շապապ Տըֆունի եւ Շիահ Ռիատիի:
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը հաղորդեց, որ այսօր` չորեքշաբթի, 5 ապրիլին, Մոն լա Սալի մէջ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ հիւսիսի, հարաւի, Նապաթիէի, Պէյրութի եւ Պեքաայի նահանգներուն վիճակաձգութիւնը, որմէ ետք խումբերը պիտի ճակատին իրարու դէմ: