Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն կրկնակի ախոյեան Եանա Եգորեան տիրացաւ Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի մէջ տեղի ունեցած մեծ մրցանակի յաղթողի կոչումին:
Ռուսիան ներկայացնող Եգորեան Թրամարտի աւարտականին պարտութեան մատնեց հունգարացի իր մրցակիցը` Աննա Մարթոնին, 15-12 արդիւնքով:
Նախորդ դեկտեմբերին այլ մրցաշարքի մը ընթացքին աւարտականին Եգորեան դարձեալ յաղթած էր իր նոյն մրցակիցին: