Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 23 ապրիլին տեղի ունենալիք Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա «Քլասիքօ» մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Ալեխանտրօ Խոսէ Հեռնանտես:
Այս որոշումը այդքան ալ լաւ չընդունուեցաւ Պարսելոնայի ղեկավարութեան կողմէ` նկատի ունենալով, որ նոյնինքն Հեռնանտեսն էր, որ Ռէալ Պեթիս – Պարսելոնա մրցումին չեղեալ նկատեց Նէյմարի ակնյայտ կոլը: