Ինչպէս բոլորին ծանօթ է, շաբաթ, 29 ապրիլին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք) տեղի պիտի ունենայ «Ֆինիքս-2» Մուայ-Թայի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միջազգային բազմաթիւ անուանի մարզիկներ` աշխարհի չորս ծագերէն:
«Ֆինիքս Ֆայթինկ Չեմփիընշիփ»-ի նախագահ Շահէ Երեւանեան, «Ֆինիքս-1»-ի յաջողութենէն ետք, այս տարի այդ մրցաշարքին տարողութիւնը աւելի ընդլայնեց եւ Լիբանան հրաւիրեց տարբեր ախոյեաններ:
Անոնց կարգին է Հայաստանէն` Արմէն Գրիգորեան, որ ունի միջազգային մեծ փորձառութիւն եւ պատրաստ է պաշտպանելու Հայաստանի դրօշը:
Այս առիթով Շահէ Երեւանեան հայ մարզասէր համակիրներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ անոնց տրամադրութեան տակ դրած է անվճար տոմսեր, ինչպէս նաեւ երթուդարձի փոխադրակառքեր:
Բոլորէն կ՛ակնկալուի վաղը` շաբաթ, մեկնիլ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիր եւ քաջալերել հայրենի մարզիկը:
Տոմսերը ստանալու համար հեռաձայնել հետեւեալ թիւին. 03-769330:



