Մանչեսթըր Եունայթըտի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ ունեցաւ ծունկի յաջող վիրաբուժութիւն մը, այս գծով յայտնեց անոր գործակատարը` Մինօ Ռայոլա:
35 տարեկան Իպրահիմովիչ լաւապէս ապաքինելու համար, ըստ նախնական տուեալներու, պէտք ունի նուազագոյնը 6 ամսուան հանգիստի:
«ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ», մէջբերելով Ռայոլայի խօսքերը, նշեց, որ թէեւ այս առնչութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հաղորդուին յառաջիկային, սակայն շուէտացին մտադիր չէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել:
Նշենք, որ Եունայթըտի հետ Իպրահիմովիչի գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարեշրջանին վերջը: