Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆինիքս-2». «Արմէն Գրիգորեան Չկրցաւ Յաղթել Իր Չին Մրցակիցին

May 1, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շահէ Երեւանեան Մեծապէս
Յաջողեցաւ Իր Առաքելութեան Մէջ

Արմէն Գրիգորեան` (ձախին) կշռուելու արարողութեան ընթացքին

Աւելի քան վեց հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, շաբաթ, 29 ապրիլին, Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆինիքս-2»-ի ախոյեանութիւնը` կազմակերպութեամբ «Ֆինիքս Ֆայթինկ Չեմփիընշիփ»-ի որուն նախագահն է Շահէ Երեւանեան:

Աւելի քան վեց ժամ տեւած Մուայ Թայի այս ախոյեանութեան տեղի ունեցան տասը տարբեր կշիռքի դասակարգերու ճակատումներ, որոնց ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան տասը զոյգեր:

70,2 քկ քաշային կարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչն էր Արմէն Գրիգորեան, որ ճակատեցաւ Չինաստանի ներկայացուցիչին` Զիէ Ուէյի դէմ:

Նախքան այս մենամարտը, 26 տարեկան Ուէյ իր կատարած 30 ճակատումներուն արձանագրած էր 24 յաղթանակ եւ կրած 6 պարտութիւն, մինչ 26 տարեկան Արմէն Գրիգորեան (178 սմ), 32 մրցումի ընթացքին արձանագրած էր 28 յաղթանակ եւ կրած 4 պարտութիւն:

Թէեւ հայրենի մարզիկը նաք-աութի չենթարկուեցաւ եւ դիմացաւ 5 ռաունտ, բայց Ուէյի հարուածները եղան աւելի ճշգրիտ, եւ ատոր պատճառով ան շահեցաւ աւելի շատ կէտեր, քան Գրիգորեան:

Եկած էին մեծ թիւով հայեր, որոնք Գրիգորեանի կատարած այս ճակատումին ընթացքին անընդհատ քաջալերեցին հայրենի մարզիկը, որ սակայն դժբախտաբար չկրցաւ տիրանալ «Տապլիու Էմ. Սի.»-ի միջցամաքամասային ախոյեանութեան գօտիին:

Յամենայն դէպս, անոր ներկայացումը կը նկատուի գոհացուցիչ եւ կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային ան յաջողի տիտղոսներու տիրանալ Հայաստանի դրօշին տակ:

Մասնակցող լիբանանցիներէն 5-էն 3-ը յաջողեցան տիրանալ տիտղոսներու:

Զիատ Սըննօ (79 քկ), Ահմետ Լապպան (76 քկ) եւ Քասեմ Տահեր (82 քկ) տիրացան տիտղոսներու, մինչ Ժիհատ Մըքտատ (95 քկ) եւ Մոհամետ Ղուրապի (76,5 քկ) ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ:

Նշենք, որ մասնակցողներուն կարգին էին նաեւ երկու իգական սեռէն մարզիկներ:

Անթոնելլա Շեւչենքօ (Փերու), բաւական լաւ ներկայացում մը ունենալով յաղթեց Իզա Քասքիքանքասի (Շուէտ):

Իւրաքանչիւր քաշային դասակարգի ճակատումէն ետք, յաղթական մարզիկին մետալը եւ ախոյեանութեան գօտին յանձնեց, «Ֆինիքս Ֆայթինկ Չեմփիընշիփ»-ի նախագահ Շահէ Երեւանեան:

Պէտք է ընդունիլ, որ ան սքանչելի ձեւով իրագործեց այս մրցաշարքին կազմակերպումը, աշխարհի տարածքէն հրաւիրեց անուանի մարզիկներ եւ մեծապէս յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ:

Կը շնորհաւորենք Շահէ Երեւանեանը այս բացառիկ մրցաշարքի կազմակերպումին եւ իր թափած ջանքերուն համար:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես 20-0 Արդիւնքով Պարտուած Հռչակուեցաւ. Ռիատի Ապահովեց Ֆայնըլ-Ֆորի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ Տեղադրուած Է Ազգային Հերոս Թաթուլ Կրպէեանի Կիսանդրին

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.