Այսօր` Ռիատի – Սաժես
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պիպլոս, որ Ժիպէյլի մէջ հիւրընկալեց Թատամոնը, 81-65 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (21-17, 38-29, 64-47 եւ 81-65):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պիպլոս 2-1 արդիւնքով գերազանցեց Թատամոնը:
Պիպլոսի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճէյ Եանկպլատ (25), մինչ անոր խմբակից Քլէյ Թաքըր նշանակեց 20 կէտ, իսկ Ալի Թրաորէ` 19 կէտ:
Թատամոնէն Մորիս Քեմփ նշանակեց 22 կէտ, իսկ Միլ Իլիչ` 16 կէտ:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Մանարայի մէջ տեղի կ՛ունենայ բաւական տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Ռիատի կը հիւրընկալէ Սաժեսը: Այժմ արդիւնքը անոնց միջեւ կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ:



