Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ աւելի քան 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հիւրընկալեց Սուանզին, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Ուէյն Ռունի նշանակեց Եունայթըտի կոլը (45-րդ փենալթիով), մինչ Սուանզի իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց 79-րդ վայրկեանին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, Եունայթըտի հետ դաշտ ներկայացաւ 80-րդ վայրկեանին:



