Ռուսիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, Մոսկուայի բաժինի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մոսկուայի հայ երիտասարդներու միութեան ստեղծած Արարատ ֆութպոլի ակումբը նուազագոյն հաշիւով պարտուեցաւ Ռուսիչէն:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստներ Արտակ Ալեքսանեան եւ Սերկէյ Աւագիմեան Արարատի կազմին հետ մասնակցեցան ամբողջ մրցումին:
Նախքան մրցումին սկսիլը, խումբերը մեծ պաստառ մը բռնած յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը:
Նշենք, որ նախորդ երկու հանգրուաններու մրցումներուն Արարատ Մոսկուա առաջին մրցումին յաղթեց Զելենոկրատին (1-0), իսկ երկրորդին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Չերթանովոյի հետ: