Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Վոլֆսպուրկի, 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 27-րդ անգամն ըլլալով հանդիսացաւ Գերմանիոյ ախոյեան:
Պայէրն, որ ախոյեանութեան այս տիտղոսը ապահովեց աւարտէն 3 հանգրուան առաջ, յաջորդաբար 5-րդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ ախոյեան:
Այժմ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի կազմը, որ ունի 73 կէտ, տասը կէտով կը գերազանցէ Լայփցիկը, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Ինկոլսթատի հետ:
Վոլսֆպուրկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Պայէրնի վեց անպատասխան կոլերը նշանակեցին Տաւիտ Ալապա (19-րդ), Ռոպերթ Լեւանտովսքի (36-րդ եւ 45-րդ), Արժեն Ռոպեն (66-րդ), Թոմաս Միւլըր (80-րդ), եւ Ժոշուա Քիմիչ (85-րդ):
3-րդ դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ, որ նախորդ շաբաթ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն դուրս ձգեց Պայէրն Միւնիխը եւ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, չկրցաւ օգտուիլ Լայփցիկի արձանագրած արդիւնքէն եւ իր կարգին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քէօլնի հետ:



