Սպանիոյ դատարանը մերժեց ընդունիլ Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէուի այն բողոքը, թէ ինք որեւէ առնչութիւն չունի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի փոխանցման հետ կապուած խարդախութեան հետ` նկատի ունենալով, որ 2014-ին ակումբին նախագահը եղած է Սանտրօ Ռոսել եւ ոչ թէ ինք:
Սակայն «Մունտօ Տեփորթիւօ» հաղորդեց, որ ան այդ զեղծարարութեան մէջ կրնայ որոշ դեր մը ունենալ, որովհետեւ այդ ժամանակ ինք փոխնախագահն էր:
Ռոսել եւ Փարթոմէու, պրազիլական Սանթոսի ներկայացուցիչները, Նէյմար, ֆութպոլիստին հօրը ընկերութիւնը, բոլորն ալ կը մեղադրուին փոխանցման արժէքը ամբողջութեամբ չներկայացնելու ամբաստանութեամբ: