Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Աթլեթիքօ Թեմփերլէյ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռասինկ Քլապը, 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Յաղթական կազմին հետ տուպլէ մը իրագործեց Մաուրօ Գեւգէօզեան, առաջինը` 2-րդ, իսկ երկրորդը` 85-րդ վայրկեանին:
30 տարեկան ուրուկուէյահայ յառաջապահը, որ այսպիսով նշանակեց իր 4-րդ կոլը, Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր առաջին տուպլէն իրագործեց:
Ան նախորդ յունուարին քոլոմպիական Աթլեթիքօ Պուքարամանկայէն միացաւ արժանթինեան ակումբին: