Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆինիքս-2»-ը Լիբանանի Մէջ. «Մեծ Յոյսով Եմ, Որ Բարձր Պիտի Պահեմ Հայաստանի Անունը Եւ Յաղթեմ Մրցակիցիս» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Արմէն Գրիգորեան

April 29, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթ 29 ապրիլին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրը կը հիւրընկալէ «Ֆինիքս-2»-ի Մուայ-թայի միջազգային մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին բազմաթիւ անուանի մարզիկներ:

Անոնց կարգին է նաեւ Հայաստանէն Արմէն Գրիգորեան, որուն կ՛ընկերակցի իր մարզիչը` Գոռ Գէորգեան:

Այս առիթով «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ հայրենի մարզիկին եւ մարզիչին հետ:

Ստորեւ` այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«ԱԶԴԱԿ».- Նախ բարի գալուստ Լիբանան: Հարցումս պիտի ուղղեմ Արմէնին: Ինչպէ՞ս մուտք գործեցիր Մուայ թայի աշխարհ:

ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ.- Փոքր տարիքէս, Մուայ թայի մարտարուեստին նկատմամբ ունէի մեծ սէր եւ այդ իսկ պատճառով շուտով սկսայ մարզումներուն: Մարտարուեստի այդ ճիւղին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը հետզհետէ զարգացաւ մէջս, սկսայ տարբեր տեսակի մրցաշարքերու մասնակցիլ եւ հետզհետէ փորձառութիւն շահելով անոր մէջ մեծ  յառաջխաղացք արձանագրել:

«Ա.».- Հայաստանի կամ արտասահմանի մէջ ի՞նչ յաջողութիւններու հասած ես:

Ա. Գ.- Արհեստավարժ ասպարէզիս ընթացքին 5 անգամ հանդիսացած եմ Հայաստանի ախոյեան` Մուայ թայի մէջ, իսկ մէկ անգամ ալ` քիքպոքսինկի աշխարհի ախոյեան:

Կը մասնակցիմ 71 քկ դասակարգի քաշային կարգին:

Մեծ յոյսեր ունիմ, որ յառաջիկային ալ, տարբեր ախոյեանութիւններու ընթացքին, Հայաստանի հետ լաւ արդիւնքներու պիտի հասնիմ:

«Ա.».- Իբրեւ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, կրնա՞ք որոշ լուսաբանութիւն մը տալ, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընթանայ ձեր աշխատանքը:

ԳՈՌ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Թէեւ 1999-էն ի վեր այս մարզաձեւին մէջ մուտք գործեցի եւ հետզհետէ  սկսայ միջազգային լաւ փորձառութիւն ունենալ,  սակայն 2005-էն ի վեր հաւաքականին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը կը կատարեմ:

Տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններու մասնակցելով  կրնամ ըսել, որ բոլոր երկիրներու ախոյեաններուն եւ անոնց լաւագոյն մարզիկներուն ունեցած յատկութիւններուն ծանօթացած եմ: Ատկէ մեկնելով կ՛ընտրեմ իմ  մարզիկներս` տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններուն ընթացքին:

5 մայիսին Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) Հայաստան կը մասնակցի Մուայ թայի աշխարհի ախոյեանութեան: Հայաստան վերադարձին անմիջապէս պիտի սկսինք մեր լուրջ փորձերուն:

«Ա.».- Հայաստանի մէջ մարտարուեստի այս ճիւղը որքանո՞վ զարգացած է:

Գ. Գ.- Հայրենիքին մէջ մարտարուեստի այս ճիւղը շատ մեծ յաջողութիւն ունի: Ունինք բազմաթիւ մարզադպրոցներ, ուր կը մարզենք մեր երեխաները, պատանիներն ու երիտասարդները: Անոնց կը սորվեցնենք մարտարուեստի այս ճիւղին կարեւոր գիտելիքները, որպէսզի ապագային ունենանք մեր աստղերը:

«Ա.».- Ինչպիսի՞ օժանդակութիւններ կը ստանաք Մուայ թայը Հայաստանի մէջ զարգացնելու համար:

Գ. Գ.- Շատ տեղին ուղղուած հարցում է: Պետական օժանդակութիւն չունինք, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն ալ նպաստներ չենք ստանար:

Ամբողջ բեռը իր ուսերուն վրայ առած է Հայաստանի Մուայ թայի ֆետերասիոնին նախագահը` Արտակ Բրուտեան, որ կ՛աշխատի առանձին:

Մինչ այլ ֆետերասիոններ կը ստանան բազմաթիւ օժանդակութիւններ, այս ֆետերասիոնը ամբողջութեամբ մոռցուած է:

Կը յուսանք, որ մօտիկ ապագային այս ֆետերասիոնը եւս նիւթական օժանդակութիւններ ստանայ:

«Ա.».- Ինչ կը վերաբերի շաբաթ օրուան ճակատումին, ինչպիսի՞ն են տրամադրութիւնները:

Ա.Գ.- Մրցակիցս` Զիէ Ուէյ, Չինաստանէն, բաւական արհեստավարժ մարզիկ մըն է: Բայց եւ այնպէս ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեմ յաղթելու համար անոր եւ 71 քկ դասակարգին մէջ տիրանալու աշխարհի միջցամաքամասային ախոյեանութեան գօտիին:

Ասկէ մեկնելով, լիբանանահայութեան կոչ կ՛ուղղեմ, որ խիտ շարքերով մեկնին մարզադաշտ եւ քաջալերեն իրենց մարզիկը, որ անկասկած բարձր պիտի պահէ Հայաստանի անունը եւ գոհ ձգէ բոլորը:

«Ա.».- Արդեօք ունի՞ք վերջին խօսք մը փոխանցելիք մեր ընթերցողներուն:

Ա. Գ.- Իմ եւ մարզիչիս անունով կու գամ շնորհակալութիւն յայտնել «Ազդակ»-ին, որ այս հարցազրոյցը ունեցաւ մեզի հետ:

Շնորհակալութեան յատուկ խօսք նաեւ Շահէ Երեւանեանին, որ հրաւիրեց զիս «Ֆինիքս-2»-ին մասնակցելու:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի 2-1 Արդիւնքով Գերազանցեց Սաժեսը. Վաղը` Չորրորդ Մրցումը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.