
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես հիւրընկալեց Ռիատին:
Սաժես, որ 2-1 արդիւնքով ուշացած էր, յաղթանակի մը կարիք ունէր արդիւնքը հաւասարեցնելու եւ հինգերորդ մրցումը պարտադրելու համար:
Սակայն այս մրցումը կիսատ մնաց, որովհետեւ Սաժեսի համակիրները իրենց անկարգապահութեամբ պատճառ դարձան մրցումին ընդհատման:
Օրուան իրաւարարները պահանջեցին, որ դաշտը պարպուի համակիրներէն, որպէսզի կարելի ըլլայ մրցումը շարունակել:
Սակայն նկատի ունենալով, որ ատիկա տեղի չունեցաւ, Սաժես 20-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ. իսկ Ռիատի ապահովեց ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն իր տոմսը (23-րդ անգամ ըլլալով իր պատմութեան մէջ)` 3-1 արդիւնքով գերազանցելով Սաժեսը:
Մրցումը ընդհատուեցաւ 4-րդ քորթըրին սկսելէն 2 վայրկեան եւ 12 երկվայրկեան ետք, մինչ անիկա կ՛ընթանար եւ նպաստ Ռիատիի` 59-40 արդիւնքով (11-14, 17-19, 10-23 եւ 2-3):
Այլ գետնի վրայ, Լուէյզի Մութթահետին պարտադրեց հինգերորդ մրցումը իր դաշտին վրայ, 74-57 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ անոր հետ 2-2 արդիւնքով հաւասարելէ ետք:
Լուէյզիէն Կերոն Ճոնսըն նշանակեց 28 կէտ:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին Թատամոն Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:
Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Պիպլոս պիտի գերազանցէ Թատամոնը (3-1) եւ ապահովէ ֆայնըլ-ֆորի իր տոմսը, ուր պիտի ճակատի Ռիատիի դէմ:


