Պասքեթպոլ. Իտալիոյ Մէջ Հուփս Արձանագրեց 2 Յաղթանակ
Հուփսի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հուփսի կրտսերներու` 2006-ի ծնունդ դասակարգի պասքեթպոլի տղոց խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող «Մինի Պասքեթ Էնտ Փիացցա»-ի 25-րդ միջազգային մրցաշարքին, ցարդ արձանագրած է 2 յաղթանակ: Առաջին մրցումին լիբանանեան կազմը 40-12 արդիւնքով յաղթեց իտալական Ռիթի խումբին, իսկ երկրորդին դարձեալ տեղական կազմի մը` Միսթըրիի դէմ այլ յաղթանակ մը արձանագրեց` 34-30 արդիւնքով: Հուփս...


