«Ֆլուքա» ճաշարանին մէջ (Մանարա) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին Պէյրութի դրամատունը պատուեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, իրաւարարները եւ «Սփորթց-Մանիա»-ն:
Երեկոյին ներկայ գտնուեցան Պէյրութի դրամատան փոխնախագահ` Սաատ Անտարի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամները` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայի, իրաւարարներ եւ այլ հրաւիրեալներ:
Ֆետերասիոնին անունով խօսք արտասանելով` ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք ըսաւ, որ տարուէ-տարի «Սփորթց-Մանիա»-ի մրցաշարքը` դրամատուներուն միջեւ, աւելի կը ծաւալի եւ անիկա բաւական լաւ ձեւով կը կազմակերպուի:
Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարի մասնակցող խումբերուն թիւը բազմանայ, ինչպէս նաեւ անոր հանդիսատեսներուն թիւը աւելնայ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ յատուկ յուշանուէրներու բաշխում: