Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց 18 եւ 20 տարեկանէն վար հաւաքականները, ինչպէս նաեւ աղջկանց 18 տարեկանէն վար հաւաքականը Դաւթաշէնի Ողիմպիական աւանին մէջ սկսած են նախապատրաստուելու յուլիսին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն:
Աղջկանց հաւաքականը 3 յուլիսին կը մեկնի Մալթա, ուր տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը:
Նոյն օրը, տղոց 18 տարեկանէն վար հաւաքականը կը մեկնի Կիպրոս, ուր տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը:
Վերջապէս, տղոց 20 տարեկանէն վար հաւաքականը 12 յուլիսին կը մեկնի Ռումանիա` մասնակցելու Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան: