«Մարքա» կը հաղորդէ, որ 31 յուլիսին Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պէտք է Մատրիտի դատարան ներկայանայ:
Սպանիոյ դատարանը Ռոնալտոյին դէմ ունի դատ մը, որուն համաձայն, ան 2011-2014 ժամանակամիջոցին իր տուրքերը չէ վճարած: Այդ տուրքերուն ընդհանուր գումարը կը գնահատուի 14,7 միլիոն եւրոյով:
Այնպէս կը թուի, թէ Ռոնալտօ չ՛ուզեր դատավարութեան ներկայ ըլլալ եւ այդ իսկ պատճառով կ՛ուզէ լքել իր ակումբն ու հեռանալ Սպանիայէն:
Ցարդ անոր ապագային գծով ոչինչ յստակ է եւ յառաջիկային անոր մաս կազմելիք խումբին մասին կը տիրէ անորոշութիւն: