Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, որ կը հետաքննէ ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպայի տեղափոխութիւնը Եուվենթուսէն Մանչեսթըր Եունայթըտ` առանց խնդիրներ ունենալու սակայն անգլիական ակումբին հետ:
2012-ին Փոկպա ազատ փոխանցումով մը Մանչեսթըր Եունայթըտէն տեղափոխուեցաւ Եուվենթուս, իսկ չորս տարի ետք անգլիական ակումբը անոր փոխանցման համար վճարեց 105 միլիոն եւրօ:
Կայ այն կասկածը, որ ֆութպոլիստին գործակատարը` Մինօ Ռայոլա, օգնած է Փոկպային անվճար տեղափոխուելու Եուվենթուս: Սակայն անոր այս փոխանցումէն Ռայոլա ձեռք ձգած է 31 միլիոն եւրօ:
Եթէ փաստուի, որ Եուվենթուս խախտած է ֆութպոլիստին եւ երրորդ կողմին յարաբերութիւններու կանոնները, կրնայ տուգանք ստանալ եւ ժամանակաւորապէս զրկուիլ նոր մարզիկներու փոխանցում կատարելէ: