
Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ա. խմբակին մէջ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Ռուսիա, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր (Նոր Զելանտայի դէմ` 2-0), երէկ կրեց իր առաջին պարտութիւնը Փորթուգալէն` 1-0 արդիւնքով:
Փորթուգալ, որ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` շնորհիւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի նշանակած կոլին: Շուրջ 43 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Ռոնալտօ իր կոլը նշանակեց 9-րդ վայրկեանին:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Ռուսիա նահանջեց երրորդ դիրք` նկատի ունենալով, որ Մեքսիքա գրաւեց առաջին դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նոր Զելանտայի:
1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, Մեքսիքա յաջողեցաւ նշանակել 2 կոլ:
Այսօր, ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Քամերուն կը մրցի Աւստրալիոյ դէմ, իսկ ժամը 21:00-ին Գերմանիա` Չիլիի դէմ: