Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ ախոյեան հանդիսացաւ Պոքա Ժունիորզ:
Նկատի ունենալով, որ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պանֆիլտ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Սան Լորենցոյէն, վերջնականապէս կորսնցուց իր յոյսերը հասնելու Պոքա Ժունիորզին:
Այսպիսով, Պոքա Ժունիորզ ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ 32-րդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ երկրի ախոյեան:
Իսկ Ռիվըր Փլէյթ, որ այժմու դասաւորման մէջ կը գրաւէ երրորդ դիրքը, Արժանթինի ախոյեան հանդիսացած է 36 անգամ: