Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչները անյաջողութիւններ արձանագրելով դուրս մնացին հետագայ պայքարէն:
Արթուր Յովհաննիսեան (49 քկ), Նարեկ Աբգարեան (52 քկ), Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ) եւ Գուրգէն Յովհաննիսեան (գերծանր կշիռ) 1-8-րդ հանգրուանին իրենց կատարած մենամարտերուն պարտութիւններ կրեցին:
Այս ախոյեանութիւնը կը շարունակուի եւ Հայաստանի այլ ներկայացուցիչները ցարդ ելոյթներ ունին կատարելիք: