Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականին համար պրոնզէ մետալ մը ապահովեց Յովհաննէս Պաչքով:
64 քկ դասակարգին մէջ հայ կռփամարտիկը պարտութեան մատնեց հունգարացի իր մրցակիցը` Ռիչքար Քովաչը եւ հասաւ կիսաւարտական հանգրուան:
Քառորդ աւարտականին հասնողը կ՛ապահովէ աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու տոմս մը:



