Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան:
75 քկ դասակարգին մէջ Սոնա Պօղոսեան, երկամարտի մրցումներուն ապահովելով 223 քկ արդիւնք մը, տիրացաւ պրոնզ մետալի:
Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին նաեւ Արփինէ Դալալեան (75 քկ եւ վեր), Սիմոն Մարտիրոսեան (105 քկ եւ վեր) եւ Սամուէլ Գասպարեան (105 քկ):
Աշխարհի ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 23 յունիսին: