Կալէի թենիսի միջազգային մրցաշարքին Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռոժէ Ֆետերեր յաղթանակ մը արձանագրեց Եուիթ Սակիթայի դէմ` 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով:
Զուիցերիացի Ֆետերերի համար այս յաղթանակը եղաւ անոր արհեստավարժ ասպարէզին 1100-րդը:
Յաղթանակներու մրցանիշը կը պատկանի Ճիմի Քանըրզի, որ արձանագրած է 1256 յաղթանակ:
Անտրէ Աղասի արձանագրած է 870 յաղթանակ, իսկ Ռաֆայէլ Նատալ` 849: