16-18 յունիսին Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցաւ «Նեշընըլ-օփըն»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Պետրոսեան:
Ան առաւելագոյն 6 կէտէն 5 կէտ ապահովելով գրաւեց առաջին դիրքը եւ տիրացաւ «Էտմոնսըն»-ի տիտղոսին:
Պէտք է նշել, որ Պետրոսեան յաղթական հռչակուեցաւ նաեւ այս մրցաշարքի նախօրեակին (15 յունիս) տեղի ունեցած կայծակնային մրցաշարքին: