Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին հրաւէրով յատուկ հանդիպում-ժողով մը տեղի ունեցաւ ֆետերասիոնին եւ ակումբներուն միջեւ, անոր կեդրոնատեղիին մէջ (Տըքուանէ):
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան հետեւեալ 15 ակումբները. ՀՄԸՄ Պէյրութ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, Լիբանանեան բանակ, Ներքին ապահովութեան ուժեր, Անսար, Լուէյզի, Ապթալ, Քալաաթ Պաալպաք, Եաաքուպ Ռիատի, Պաթրուն Սթարզ, Մանար Քալամուն, Պլու Սթարզ, Ինթըր Լեպանոն, Անթունիէ Պաապտա եւ Սըուտ Տըպպայէ:
Ֆետերասիոն-ակումբներ այս հանդիպումին նախագահեց ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն մեծամասնութեան, որոնց կարգին` Էլի Տագէսեան եւ Մարիա Գէորգեան:
Սաատէ յայտարարեց, որ ֆետերասիոնին ընտրութիւնները կը պատկանին անցեալին եւ այժմ ֆետերասիոնը իր ամէն կարելին կ՛ընէ յառաջիկային տեղի ունենալիք բոլոր տեսակի մրցաշարքերն ու ախոյեանութիւնները լաւապէս կազմակերպելու:
Ան յոյս յայտնեց, որ անոնք բոլորը տեղի ունենան մարզական մթնոլորտի մէջ` հեռու ամէն տեսակի քաղաքական կամ յարանուանական հաշիւներէ:
Ակումբներուն ներկայացուցիչներն ու պատասխանատուները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին ֆետերասիոնին` նշելով, որ երկու կողմերուն միջեւ կապը կը շարունակուի միշտ ամրանալ:



