Ողիմպիական ութակի ախոյեան, 100 եւ 200 մեթր վազքի աշխարհի մրցանշակիր, ժամայքացի Ուսէյն Պոլթ 21 յուլիսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մոնաքոյի մէջ տեղի ունեցող աթլեթիզմի միջազգային մրցաշարքի մը:
Պոլթի համար Մոնաքոյի այս մրցաշարքը պիտի ըլլայ անոր ասպարէզին նախավերջին ելոյթը:
30 տարեկան Պոլթ յայտարարեց, որ օգոստոսին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան 100 եւ 200 մեթր վազքի մրցումներուն մասնակցելով վերջ պիտի դնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5-13 օգոստոսին:



