Հայրենի լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Սամուէլ Գասպարեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, տիրացաւ պրոնզ մետալի:
105 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցած Գասպարեան ընդամէնը արձանագրեց 365 քկ (160 եւ 205):
Հայրենի ծանրաբարձը տիտղոսին տիրացած իրանցի Ռեզա Փեիրալվանտէն ետ մնաց միայն 4 քիլոկրամով: Երկրորդ դիրքը գրաւեց վրացի Տաթօ Խեցուրիանի (3 քիլոկրամով ետ մնալով):