Գերմանական Հալ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող թենիսի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող ռուսահայ Կարէն Խաչանով յաջողեցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Անոր մրցակիցը` Քէյ Նիշիքորի (Ճափոն) մրցումը կիսատ ձգեց վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, մինչ անոր արդիւնքը առաջին սեթին կ՛ընթանար ի նպաստ Խաչանովի` 3-2 արդիւնքով:
Մրցումը ընդհատուեցաւ 34-րդ վայրկեանին:
Խաչանովի յաջորդ մրցակիցն է ռուս Անտրէ Ռուպլիով:



