Ջերմուկի մէջ, նախանցեալ օր սկիզբ առաւ Կարէն Ասրեանի անուան 10-րդ յուշամրցաշարքը. Ա. հանգրուանի ճակատումներուն յիշատակելի արդիւնքներ չարձանագրուեցան:
Այս յուշամրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ 13 երկիրները. Ռուսիա, Ֆրանսա, Հնդկաստան, Ուքրանիա, Թուրքիա, Վրաստան, Իրան, Իսրայէլ, Լաթվիա, Ղազախստան, Մալեզիա, Պիելոռուսիա եւ Հայաստան:
Մասնակցողներէն 21-ը կրանտմասթըրներ են: