Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, վարձեց միջազգային իրաւաբանական «Պէյքըր էնտ Մաքքենզի» ընկերութեան երկու փաստաբաններ, որոնք Մատրիտի դատարանին մէջ պիտի պաշտպանեն զինք:
«Մարքա» կը հաղորդէ, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը ինքզինք մեղաւոր չի նկատեր եւ չի պատրաստուիր Սպանիոյ դատական իշխանութիւններուն վճարելու 14,7 միլիոն եւրօ արժողութեամբ այն գումարը, որ իր վճարելիք հարկերուն գումարն է:
Սպանիոյ դատարանը ֆութպոլիստին դէմ ներկայացուցած է տուրքերու օրէնսդրութեան չորս կէտերու խախտման վերաբերեալ մեղադրանք: