Սպանական «ԱՍ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Մատրիտի դատարանը Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի դէմ ներկայացուցած է մեղադրանք, որ ան խուսափած է իր տուրքերը վճարել երկրի կառավարութեան այն օրերուն, երբ մաս կը կազմէր մայրաքաղաքի կազմին:
Կը նշուի, որ փորթուգալցի մարզիչը 2011-2012 ժամանակամիջոցին չէ վճարած իր տուրքերը, որոնք կը գնահատուին 3,3 միլիոն եւրոյով:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի այժմու մարզիչին` Մուրինիոյի գործակատարն է փորթուգալցի Ժորժ Մենտեշ:



