Ուրբաթ, 23 յունիս 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւն մը այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներէն Հրայր Խաչատուրեան, Յարութ Ալաճաճեան եւ Վահրամ Պարսումեան, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան անդամներէն Դրօ Մանտալեան, Կարօ Պէրպէրեան, Րաֆֆի Գասապեան, Ալեքսան Սիւբիւրկեճեան, Ճորճ Պ. Սապունճեան, Կարէն Սալխանեան, Սերուժ Աբիկեան եւ Ծովիկ Ժալըֆեան, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամներէն Թալին Խաչատուրեան, Քարլա Եսայեան, Ալին Քունտաքճեան, Լիզա Մանտալեան եւ Գարոլին Ֆերեշեդեան, աղջկանց առաջնակարգ պասքեթպոլի խումբի մարզիկներ Սանտրա Նաժըմ, Այտա Պախոս, Մեղրի Թորոսեան, Ֆէյ Փրինս, Մակի Զաքարեան, Ալին Թանկուքեան, Լարա Քիրաճեան եւ Քաթրին Հաժ, պատասխանատու Յակոբ Ճերենեան, մարզիչ Փաթրիք Սապա, փոխ-մարզիչ Ռապիհ Ֆրանսիս եւ բժիշկ Ճոնի Իպրահիմ: Պատուիրակութեան ընկերակցեցան նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ճորճ Ն. Սապունճեան եւ խումբի գլխաւոր հովանաւոր Շահէ Երեւանեան:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին, որ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը: Ան յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան նուաճումը կը նուիրուի նախագահին: Խաչատուրեան նաեւ տեղեկացուց նախագահ Աունին, թէ այս տարուան աշնան ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղը պիտի հիւրընկալէ Արաբական ակումբներու 19-րդ ախոյեանութեան մրցումները:
Նախագահ Աուն իր կարգին յայտնեց, որ ինք կը հետեւէր Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումներուն եւ շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի այս յաղթանակը:
Հանրապետութեան նախագահը յաջողութիւն մաղթեց ՀՄԸՄ-ին` իր ապագայ մրցումներուն: Ապա ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեան եւ աղջկանց պասքեթպոլի խումբի խմբապետ Սանտրա Նաժըմ նախագահին յանձնեցին բաժակը: Իսկ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Դրօ Մանտալեան եւ վարչութենէն պասքեթպոլի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Գասապեան նախագահին նուիրեցին խումբի «1» թուանշանը եւ նախագահ Աունի անունը կրող տարազ մը:




