Իր մասնակցութիւնը բերելու համար թեքուանտոյի աշխարհի ախոյեանութեան, Լիբանանի թեքուանտոյի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մուժու (Հարաւային Քորէա):
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 971 երկսեռ մարզիկներ, եկած` 183 երկիրներէ:
Լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահն է կրանտմասթըր Պասեմ Ատ:
Նշենք, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ միջազգային իրաւարար մասթըր Տանիել Խուրասանճեան:
Լիբանաեան պատուիրակութիւնը Պէյրութ կը վերադառնայ 1 յուլիսին: