Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն Լիվըրփուլ տեղեկացուց, որ իր կազմին միացուց Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Մոհամետ Սալահը: 25 տարեկան եգիպտացի ֆութպոլիստը հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց` փոխան 42 միլիոն եւրոյի: Իտալական ակումբը յառաջիկային կրնայ ստանալ նաեւ 8 միլիոն եւրօ, եթէ Սալահ լաւ արդիւնքներ արձանագրէ:
Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին Սալահ Ա. Էս. Ռոմայի հետ «Քալչիօ»-ի 65 մրցումի ընթացքին նշանակեց 29 կոլ:
Ան մաս կազմած է նաեւ Պալի, Չելսիի եւ Ֆիորենթինայի:
Իսկ Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան 52 մրցումի ընթացքին նշանակած է 29 կոլ: