10 օրուան ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար Ուրալ մեկնեցաւ Սլովենիա, յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ուրալի այս հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան:
Սլովենիոյ մէջ, Ուրալ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ Սլովենիոյ ախոյեան Մարիպորի, ինչպէս նաեւ` Անքարան եւ Ցելէի դէմ:
Ուրալ իր երկրորդ հաւաքը եւս պիտի կատարէ Սլովենիոյ մէջ, 2-12 յուլիսին: Անոր ընթացքին եւս նախատեսուած են բարեկամական երեք մրցումներ: Առաջին երկու մրցակիցներուն անունները յստակացած են. Փարթիզան Պելկրատ եւ Զարիա Լուկանսքի: