Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տարիներու սովորութիւն դարձած յատուկ ընթրիքի երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Պրումմանա» պանդոկին մէջ, ի մի համախմբուեցան տարբեր կուսակցութիւններն ու միութիւնները: Այս հաւաքին յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան 2016-2017 տարեշրջանին լաւ ախոյեանները, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը, որ Լիբանանի 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը խլեց:
Այս երեկոյին ներկայ էին նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչը Ռոմել Սապեր, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի ներկայացուցիչ Զէյտ Խիամի, նախկին նախարարներ Նիքուլա Սահնաուի եւ Էլիաս Պու Սաապ, երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, յատուկ հրաւիրեալներ, ֆետերասիոններու եւ միութիւններու նախագահներ ու ներկայացուցիչներ եւ մարզական լրագրողներ:
Արտասանուած խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ ախոյեաններու պարգեւատրում:
Պարգեւատրուեցաւ նաեւ Լիբանանի մարզական կեանքին մէջ աւելի քան 50 երկար տարիներու վաստակ ունեցած Ժան Համմամ: