Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները 2017-2018 տարեշրջանէն սկսալ պատկերասփռողը պիտի ըլլայ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը:
Պայքարը, որ տեղի ունեցաւ «Էմ. Թի. Վի.»-ի եւ «Կրին Կլորի» ընկերութեան միջեւ, ի վերջոյ աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով: