Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ Եասեր Հաժ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Լիբանան պիտի հիւրընկալէ պասքեթպոլի մրցաշարք մը, նախքան Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին կայացումը, որ տեղի պիտի ունենայ 8-22 օգոստոսին` Լիբանանի մէջ:
Եասեր Հաժ աւելցուց, որ տղոց ազգային խումբը երկու շաբթուան բանակում մը պիտի կատարէ Սերպիոյ մէջ, ուր պիտի կատարէ նաեւ պասքեթպոլի բարեկամական մրցումներ:
Այդ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Քաթար, Լիբանան, Աւստրալիա, Յորդանան եւ շատ հաւանաբար նաեւ հինգերորդ խումբ մը:
Ինչ կը վերաբերի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին, Լիբանանի մրցակիցներն են Հարաւային Քորէա, Ղազախստան եւ Նոր Զելանտա (Գ. խմբակ):