Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, պելճիքական Լիերս 7-1 արդիւնքով յաղթեց Լինտցի:
Յաղթական կազմին հետ հեթրիքի հեղինակ դարձաւ հայկական արմատներով 27 տարեկան միջնապահ Իվան Եաքան, որ մրցումին մասնակցեցաւ Բ. կիսախաղին: Ան իր կոլերը նշանակեց 65-րդ, 80-րդ եւ 81-րդ վայրկեաններուն:
Յայտնենք, որ Իվան Եաքան վերջերս պելճիքական Սերքլը Պրիւժէն տեղափոխուեցաւ Լիերս` անոր հետ ստորագրելով 3 տարուան պայմանագրութիւն մը: