Նոր տարեշրջանին պատրաստուող Բանանց Երեւան ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարեց նորաստեղծ Արցախ ակումբին հետ: Մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:
Բ. կիսախաղին Բանանցէն դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ուքրանական Սթալի միջնապահ Էտկար Մալաքեան, որ իր եղբօր` Գոռ Մալաքեանի հետ այժմ կը մարզուի Բանանցի հետ:
Ըստ հայկական լրատուամիջոցներուն, շատ հաւանական է, որ Մալաքեան եղբայրները նոր տարեշրջանին հանդէս գան հայկական ակումբին հետ, որուն հետ են այժմ:
Ասիկա պիտի յստականայ այն ժամանակ, երբ պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակուի Սթալի կողմէ` անոնց ապագային վերաբերեալ: