Երէկ կէսօրին Լիբանանի աթլեթիզմի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Հնդկաստան` հոն իր մասնակցութիւնը բերելու Ասիոյ աթլեթիզմի ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ժոզեֆ Սասին, իսկ մարզիկներն են Նուրետտին Հատիտ, Ահմետ Հազեր, Խալետ Տըննաուի, Հասան Մանսուր, Մոհամետ Հանուֆ, Քրիսթոֆըր Պուլոս, Թամարա Աուատա, Տիալա Խազեն:
Նշենք, որ Լիբանան կը մասնակցի նաեւ տղոց 4×100 եւ 4×400 մեթր վազքի մրցումներուն: