Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը «Լանքասթըր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ) տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ 22 յուլիսին պիտի սկսի մինի ֆութպոլի փորձառական առաջին ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 11 ակումբներու, որոնք կը նկատուին օրինական:
Այդ 11 ակումբները բաժնուեցան երկու խմբակի` հետեւեալ ձեւով.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Մաժըտ-Շըհիմ, Մաժըտ-Ղազիէ, «Էֆ. Սի.» Եունայթըտ, Քարիա, Պհամտուն եւ Շապապ Պքաասֆրին:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Աթլեթիքօ-Ժըպէյլ, Շաքրաա Ռիատի, Շապապ Ռիատի – Ժապալ Պաթըմ, Ռիատի Ատայսէ եւ Շըհապիէ: