Չելսիի նախկին ֆութպոլիստ, 36 տարեկան Ճոն Թերի միացաւ «Փրեմիեր-լիկ»-ի կազմերէն Ասթոն Վիլայի անոր հետ ստորագրելով մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը:
Թերի, որ 1998-էն 2017 մաս կազմած է լոնտոնեան կազմին` Չելսիի, մինչեւ 30 յունիս 2017 պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր այդ խումբին հետ: Այդ պայմանագրութեան աւարտով, ան ազատ ֆութպոլիստ մը դառնալով, որոշեց միանալ Ասթոն Վիլայի:
Չելսիի հետ 713 մրցումի իր մասնակցութիւնը բերելով ան նշանակած է 66 կոլ:
Նշենք, որ ան Չելսիի հետ, հինգ անգամ հանդիսացած է Անգլիոյ ախոյեան: