«Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 4 յուլիսին, Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ հիւրը պիտի ըլլայ Անտորրան ներկայացնող Սանթա Քոլոմայի:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Թէեւ հայկական խումբը երթին իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն ատիկա ցարդ յաջորդ հանգրուան հասնելու համար բաւարար չի նկատուիր, որովհետեւ մրցակից կազմին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելը հայկական խումբը դուրս պիտի ձգէ մրցաշարքէն:
Կ՛ակնկալուի, որ հայկական կազմը յաջողի ապահովել զտումի Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է Սվեն Պինտելս (Լիւքսամպուրկ):