Մարզական

Վալերի Յովհաննիսեան Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Ռուսիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած ֆութպոլի հայ գործակալ Վալերի Յովհաննիսեան լքեց Արարատ Մոսկուայի նախագահի պաշտօնը: «Վերջին ամիսներուն ունեցայ առողջական հարցեր, որոնք քիչ մը ծանր ազդեցին վրաս: Փորձեցի յաղթահարել զանոնք, բայց չկրցայ: Բժիշկները արգիլեցին ինծի աշխատիլ, որպէսզի առողջական վիճակս աւելի չվատթարանայ: Ասիկա կը յայտարարեմ նախքան Գերմանիա մեկնիլս, ուր մէկ ամիս բժշկական յատուկ խնամքի պիտի ենթարկուիմ», յայտարարեց Յովհաննիսեան:

Եունիվերսիատ-2017. Սթեֆանի Մութաֆեանի Կազմը` Ախոյեան

Թայուանի մէջ տեղի ունեցած համաշխարհային ուսանողական խաղերու (Եունիվերսիատ-2017) ջրագնդակի աղջկանց մրցաշարքին ախոյեան հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու խումբը: «Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ խումբին ախոյեան հանդիսանալուն մէջ իր կարեւոր բաժինը ունեցաւ Սթեֆանի Մութաֆեան: Հունգարիոյ դէմ տեղի ունեցած աւարտականի այս մրցումին (16-9) Մութաֆեան նշանակեց 2 կոլ: Ան ընդամէնը նշանակեց 11 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ: Միացեալ Նահանգներ, որոնք այս խաղերը աւարտեցին առանց պարտութիւն կրելու,...

ՀՄԸՄ-Ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի  Պատուիրակութիւնը Ախոյեանութեան Բաժակը  Յանձնեց Երեսփոխան Բագրատունիին

ՀՄԸՄ-Ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Պատուիրակութիւնը Ախոյեանութեան Բաժակը Յանձնեց Երեսփոխան Բագրատունիին

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի պատուիրակութիւն մը` բաղկացած մասնաճիւղի վարչութեան եւ պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամներէ եւ Լիբանանի Ա. դասակարգի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեան մասնաճիւղի պասքեթպոլի խումբի մարզիկներէն, այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին` անոր յանձնելու ախոյեանութեան բաժակը: Վարչութեան ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին երեսփոխան Բագրատունիին` անոր ջերմ ընդունելութեան համար եւ յայտնեցին, որ մասնաճիւղը յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի հիւրընկալէ Արաբական ակումբներու ախոյեանութեան մրցումները: Յ. Բագրատունի...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Կրտսերներու Ազգային Խումբին Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանի տղոց կրտսերներու պասքեթպոլի ազգային խումբը (17 տարեկանէն վար), որ Իրանի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, երէկ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 72-46 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սուրիան: Նշենք, որ նախորդ երկու մրցումներուն Լիբանան յաղթեց Յորդանանի եւ Իրաքի: Լիբանան այսօր կը կատարէ իր չորրորդ եւ վերջին մրցումը, երբ ժամը 18:00-ին կը ճակատի Իրանի դէմ: Բ. հանգրուանի մրցումները...

Հենրիխ Մխիթարեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի Օգոստոս Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

WhoScored.com կայքը «Փրեմիեր լիկ»-ի օգոստոս ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը: Մխիթարեան կը գրաւէ առաջին դիրքը` իր կատարած էսիսթներուն, ստեղծած վտանգաւոր առիթներուն եւ արագ փոխանցումներուն շնորհիւ:

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Կարեւոր Մէկ Որոշումը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը նախանցեալ օր իր գումարած ժողովին յայտարարեց, որ բոլոր ժողովականներուն համամտութեամբ որոշուեցաւ բոլոր կախակայուած մարզիկներուն եւ ակումբներուն դէմ սահմանուած բոլոր պատիժները բեկանել: Սակայն, այս որոշումը պիտի կիրարկուի միայն կախակայումներու պարագային` նկատի ունենալով, որ սահմանուած նիւթական տուգանքները կը մնան ի զօրու:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին Ահտ - Անսար մրցումին արդիւնքը: Այդ մրցումին ընթացքին Լիբանանի ախոյեան Ահտ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին: Ֆետերասիոնը Շարքի պատասխանատուներէն Գէորգ Գերբեթեանը վեց ամիսով կախակայեց` նկատի ունենալով, որ ան Աթլեթիքոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (փոքրերու ախոյեանութիւն, 4-րդ հանգրուան) ունեցած էր ոչ մարզավայել...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն յայտարարեց, որ հինգշաբթի, 7 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, իր կեդրոնատեղիին մէջ (Պաապտա) պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ անուանացանկը լիբանանեան պատուիրակութեան, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 17-27 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք ասիական 5-րդ խաղերուն, որոնք պիտի կատարուին փակ դաշտերու մէջ:  

2018-ի Մոնտիալ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 9 Մրցումներ

Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ այսօր 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի կ՛ունենան 9 մրցումներ` Ա., Բ. եւ Ը. խմբակներուն մէջ: Ա. խմբակին մէջ բաւական զօրաւոր ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ Ֆրանսա - Հոլանտա հանդիպումը: Միւս կողմէ, Պուլկարիա - Շուէտ մրցումն ալ պիտի ըլլայ հետաքրքրական: Բ. խմբակին մէջ, Զուիցերիա, որ պիտի հիւրընկալէ Անտորրան, ցարդ իր կատարած վեց մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է:...

Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքականը Հասաւ Մոսկուա

31 օգոստոսէն 5 սեպտեմբեր Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը մրցումներ ունի կատարելիք Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2019-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Հայրենի կազմը զտումի երկու մրցում ունի կատարելիք Ռուսիոյ եւ Մակեդոնիոյ դէմ: Այս մրցումները տեղի պիտի ունենան Մոսկուայի մէջ: Վերոնշեալ մրցումներուն համար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Ոսկանեան նկատի առաւ 20 ֆութպոլիստներ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած այս լուրին մէջ նաեւ կը...

Ճատրակ. Հայրենի Վարպետներուն Մասնակցութիւնը` Միջազգային Մրցաշարքերու

Տիգրան Ղարամեան Chess.am կայքը կը հաղորդէ, որ հայրենի ճատրակ խաղացողներ, միջազգային մրցաշարքերու մասնակցելով, արձանագրած են բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ: 19-27 օգոստոսին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած տղոց 92-րդ ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 10 ճատրակ խաղացողներ, որոնցմէ ինն` կրանտմասթըրներ: Մասնակցողներուն մէջ էր նաեւ հայ ճատրակ խաղացող Տիգրան Ղարամեան, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 5,5 կէտ, տիրացաւ պրոնզ մետալին: Ախոյեան հանդիսացաւ Էթիեն Պաքրօ (6...

Պարսելոնա Քութինիոյի Համար Պիտի Վճարէ 160 Միլիոն Եւրօ

Լիվըրփուլի պրազիլցի միջնապահ Ֆելիփէ Քութինիօ այս շաբաթ պիտի դառնայ Պարսելոնայի ֆութպոլիստ, յայտնեցին անգլիական ակումբին պատասխանատուները: 25 տարեկան մարզիկին փոխանցման ընդհանուր արժէքը (ներառեալ` պոնիւսները) պիտի կազմէ 160 միլիոն եւրօ, կը յայտնէ «Եահու-սփոր»-ը: Նշենք, որ այժմ Քութինիօ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ փորձեր կը կատարէ: Նախորդ տարեշրջանին ան Լիվըրփուլի հետ 36 մրցումի ընթացքին նշանակեց 14 կոլ եւ կատարեց 9 էսիսթ:

Էրեբունիի 18 Տարեկան Ֆութպոլիստը Զոհ` Ինքնաշարժի Արկածի

Հայրենի լրատուամիջոցները երէկ յայտնեցին, որ Էրեբունիի 18 տարեկան ֆութպոլիստ Հայկ Մելքոնեան զոհ գնաց ինքնաշարժի արկածի մը: Հայկ Մելքոնեան Էրեբունիի խմբապետն էր եւ իր կազմին հետ կը մասնակցէր Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան:  

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Նատալի Եւ Ֆետերերի Յաղթական Սկիզբը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Նատալի Եւ Ֆետերերի Յաղթական Սկիզբը

Տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ յաղթանակով սկսաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին 7-6, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց սերպ Տուսան Լաժովիչի: Ան իր այս յաղթանակը արձանագրեց 2 ժամ 17 վայրկեանի ընթացքին: Ա. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 3-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, որ 4-6, 6-2, 6-1,...

Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականը Կը Պատրաստուի

Ռումանիոյ եւ Դանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն դէմ աշխարհի ախոյեանութեան զտումի հանգրուանի մրցումներուն պատրաստուելու համար, Հայաստանի հաւաքականը արդէն քանի մը օրէ կը մարզուի Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին մէջ: Հայաստանի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան երէկուան  մարզումէն լուսանկար հրապարակած եւ հետեւեալ գրառումը կատարած է. «Բարի լոյս, Հայաստան»: Վաղը առաւօտեան Հայաստանի հաւաքականը կը հասնի Ռումանիա, ուր մրցումը տեղի պիտի ունենայ 1 սեպտեմբերի գիշերը`...

Բռնցքամարտ. Յովհաննէս Պաչքով Հասաւ Կիսաւարտական

Համպուրկի մէջ կը շարունակուի բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Հայաստանը ներկայացնող Յովհաննէս Պաչքով երէկ  յաղթեց Մոնկոլիան ներկայացնող Պաթարշուխ Չինզորիկին: Այսպիսով, Պաչքով հասաւ  կիսաւարտական հանգրուան` միաժամանակ ապահովելով առնուազն պրոնզէ մետալ:

Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութեան Զտումի Վաղուան Մրցումները (Պէյրութի Ժամանակացոյցով)

Եւրոպայի գօտի ԺԱՄ Պելճիքա - Ճիպրալթար (21:45) Պուլկարիա - Շուէտ (21:45) Կիպրոս - Պոսնիա եւ Հերցեկովինա (21:45) Ֆրանսա - Հոլանտա (21:45) Յունաստան - Էսթոնիա (21:45) Հունգարիա - Լաթվիա (21:45) Լիւքսամպուրկ - Պիելոռուսիա (21:45) Փորթուգալ - Ֆարօ կղզիներ (21:45) Զուիցերիա - Անտորա (21:45) Հարաւային Ամերիկայի գօտի Վենեզուելա - Քոլոմպիա 24:00 Չիլի - Փարակուէյ 24:30 Ասիոյ գօտի Ճափոն - Աւստրալիա 13:35 Չինաստան...

Պատանի Մարմնամարզիկները 2018 -ի Ողիմպիականի Տոմսը Կրնան Ապահովել Միայն Պաքուի Մրցաշարքին Ընթացքին

2018 թուականին Պուէնոս Այրեսի պատանեկան ամառնային ողիմպիական խաղերու մասնակցութեան տոմսը ապահովելու համար մարմնամարզիկները պէտք է մասնակցին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք զտումի  մրցաշարքին: Այս մասին գրուած է Հայաստանի Ողիմպիական ազգային խորհուրդի պաշտօնական կայքին մէջ: Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Սովորաբար, պատանիները ողիմպիական խաղերու  մասնակցութեան տոմսը կը նուաճեն Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարքին ընթացքին: Սակայն, յառաջիկայ  տարի պատանիներու...

Փութին Հունգարիոյ Վարչապետին Խոստացաւ Պատմել Ժիւտոյի Տեսութեան Մասին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանին խոստացաւ ժիւտոյի տեսական վարժանք կատարել: 28 օգոստոսին Պուտափեշթի մէջ սկսած է մենամարտի ժիւտոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը: «Ասիկա, անշուշտ, ֆութպոլ չէ, սակայն նոյնպէս լաւ մարզաձեւ է», զրոյցին սկիզբը կատակած է Փութին: «Ես կը փորձեմ սորվիլ», պատասխանած է Օրպան: Ատկէ ետք Ռուսիոյ նախագահը Հունգարիոյ վարչապետին խոստացած է «պատմել տեսութեան մասին»: Ըստ Օրպանի, Հունգարիոյ մէջ մրցումներու...

Ըմբշամարտ.  Նախարար Ռոստոմեան Ընդունեց Պրոնզէ  Մետալակիրներ Գէորգի  Կետոյեւը Եւ Լեւան Պերիանիծէն

Ըմբշամարտ. Նախարար Ռոստոմեան Ընդունեց Պրոնզէ Մետալակիրներ Գէորգի Կետոյեւը Եւ Լեւան Պերիանիծէն

Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան ընդունեց աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքի  պրոնզէ մետալակիրներ, Հայաստանի ըմբշամարտի  ազատ ոճի հաւաքականի անդամներ Գէորգի Կետոյեւը (97 քկ) եւ Լեւան Պերիանիծէն (125 քկ): Նախարարը շնորհաւորեց մարզիկները եւ  շնորհակալութիւն յայտնեց հայ մարզասէրներուն ուրախ եւ խանդավառ պահեր պարգեւելու համար: «1995 թուականէն ետք ասիկա առաջին անգամ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ազատ ոճային ըմբիշները աշխարհի ախոյեանութեան մէջ ...

Page 935 of 1278 1 … 934 935 936 … 1,278

Արխիւներ