Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը նախանցեալ օր իր գումարած ժողովին յայտարարեց, որ բոլոր ժողովականներուն համամտութեամբ որոշուեցաւ բոլոր կախակայուած մարզիկներուն եւ ակումբներուն դէմ սահմանուած բոլոր պատիժները բեկանել:
Սակայն, այս որոշումը պիտի կիրարկուի միայն կախակայումներու պարագային` նկատի ունենալով, որ սահմանուած նիւթական տուգանքները կը մնան ի զօրու: