Թայուանի մէջ տեղի ունեցած համաշխարհային ուսանողական խաղերու (Եունիվերսիատ-2017) ջրագնդակի աղջկանց մրցաշարքին ախոյեան հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու խումբը:
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ խումբին ախոյեան հանդիսանալուն մէջ իր կարեւոր բաժինը ունեցաւ Սթեֆանի Մութաֆեան:
Հունգարիոյ դէմ տեղի ունեցած աւարտականի այս մրցումին (16-9) Մութաֆեան նշանակեց 2 կոլ:
Ան ընդամէնը նշանակեց 11 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ:
Միացեալ Նահանգներ, որոնք այս խաղերը աւարտեցին առանց պարտութիւն կրելու, 2015-ին հանդիսացան աշխարհի երիտասարդական ախոյեան:



